08.08.2025|
13:41
Եթէ բախտը ունեցէր էք Վեհափառի հետ շրջելու շինարարութիւնները, կը զարմանաք՝ տեսնելով անոնց մէջ դրած իր սրտմաշումը, հոգածութիւնն ու խնամքը: Իր սեփական տունը ըլլար՝ հաւանաբար այնքան բծախնդրօրէն չէր միջամտեր գործընթացին: Բայց ուրիշներ պիտի վայելեն այս բոլորը, եւ «ուրիշ»-ը սուրբ է Գարեգին Կաթողիկոսի համար, նոյնիսկ չգիտէր, թէ ովքեր են այդ անծանօթ ուրիշները...