Եթե Հայաստանը արտաքին քաղաքականության դիվերսիֆիկացման շրջանակում որոշի վերանայել Ռուսաստանի հետ հարաբերությունների դաշնակցային կարգավիճակը, ապա ստիպված կլինի հրաժարվել նաև Մոսկվայի կողմից տրամադրվող արտոնություններից` հայտարարել է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչ Միխայիլ Կալուգինը։ «Դատելով այլ երկրների փորձից՝ արևմտյան քաղաքական տեխնոլոգները ավելի լավ բան չեն մտածի, քան՝ դա անվանել անկախության գին, որը Հայաստանը պետք է վճարի»,- ասել է դիվանագետը։               
 

Թիֆլիս՝ հայկական յիշողութեան եւ մշակոյթի կենդանի հետքերով

Թիֆլիս՝ հայկական յիշողութեան եւ մշակոյթի կենդանի հետքերով
08.10.2026 | 18:00

Վրաստան այցելութիւնս, հոկտեմբեր3-4, 2026, այս անգամ ինծի համար սովորական ճամբորդութիւն մը չէր։ Թիֆլիսը տեսայ ոչ միայն որպէս Վրաստանի մայրաքաղաք, իր պատմական շէնքերով, մշակութային կեանքով ու հիւրասիրութեամբ, այլեւ՝ որպէս հայկական պատմութեան, գրականութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան կարեւոր օճախ մը։
Դարեր շարունակ Թիֆլիսը եղած է հայ կեանքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Այստեղ ապրած, ստեղծագործած եւ գործած են հայ գրողներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, արուեստագէտներ եւ ազգային գործիչներ։ Քաղաքի փողոցներուն ու պատմական թաղերուն մէջ այսօր տակաւին կարելի է զգալ այդ հարուստ անցեալի հետքերը։
Իմ այցելութեան ընթացքին առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ Ռաֆֆիի բնակարանը։ Մեծ հայ վիպասանի կեանքին ու ստեղծագործութեան հետ կապուած այս վայրը ինծի համար դարձաւ հայ գրականութեան այն ժամանակաշրջանին վերադառնալու առիթ մը, երբ գրականութիւնը միայն արուեստ չէր, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան, ազատութեան եւ ապագայի տեսլականի արտայայտութիւն։
Նոյնքան տպաւորիչ էր Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը։ Թումանեանը Թիֆլիսի հայկական մշակութային կեանքին անբաժան մասն է։ Անոր տունը կարծես կը պատմէ ոչ միայն մեծ բանաստեղծի մը անձնական կեանքի մասին, այլեւ ամբողջ սերունդի մը հոգեւոր ու մտաւոր աշխարհին մասին։ Թումանեանի գրականութիւնը, իր մարդկային խորութեամբ եւ ազգային լայն տեսլականով, անցած է Հայաստանի սահմաններէն եւ դարձած համահայկական ժառանգութիւն։
Թիֆլիսի հայկական ներկայութեան ամենէն կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը Սուրբ Գէորգ եկեղեցին եւ Առաջնորդարանն է։ Այս սրբավայրը դարեր շարունակ եղած է Թիֆլիսի հայ համայնքի հոգեւոր կեանքի կեդրոնը։ Եկեղեցի այցելելուս պահուն զգացի, թէ ինչպէս պատմութիւնը կրնայ շարունակուիլ նոյն վայրին մէջ՝ աղօթքով, հաւատքով եւ համայնքային կեանքով։
Առանձին խորհրդաւորութիւն մը ունէր Սայեաթ Նովայի գերեզմանին այցելութիւնը։ Սայեաթ Նովան հայ, վրացի եւ տարածաշրջանի բազմամշակութային աշխարհները իր արուեստով միացնող բացառիկ դէմք մըն է։ Անոր կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը կը վկայեն, թէ մշակոյթը կրնայ կամուրջ դառնալ ժողովուրդներու միջեւ։ Անոր յիշատակը Թիֆլիսի հայկական պատմութեան եւ ընդհանրապէս Կովկասի մշակութային խճանկարին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ։
Այցելեցի նաեւ հայկական Պանթէոնը, ուր հանգչող մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու անունները կը կազմեն հայ մշակոյթի ու պատմութեան կենդանի մէկ էջը։ Պանթէոնը ինծի համար դարձաւ յիշողութեան վայր մը՝ տեղ մը, ուր անցեալը լուռ կը խօսի ներկային հետ։ Ամէն գերեզման իր ետին ունի պատմութիւն, պայքար, ստեղծագործութիւն եւ ծառայութիւն։ Շատ հաճելի էր նաև հանդիպիլ Վանաձորէն խումբ մը հայորդիներու՝ որոնք այցելութեան եկած էին եւ իրենց հետ ունենալ շատ հաճելի զրոյց:
Թիֆլիսի քաղաքի տօնին առթիւ, շաբափ օրը,տեղի ունեցաւ շատ մը ձեռնարկներ կեդրոնական մասին մէջ: Շատ հաճելի էր հանդիպիլ հայ պատանիներու որոնք իրենց հայկական պարերով մասնակցեցան փառատօնին:
Թիֆլիսի հայկական հետքերուն կողքին կարեւոր էր նաեւ այցելել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։ Այս այցելութիւնը պատմական անցեալի եւ ներկայ Հայաստանի միջեւ կապ մը ստեղծեց։ Եթէ Թիֆլիսի հայկական ժառանգութիւնը կը ներկայացնէ անցեալի խոր արմատները, Հայաստանի դեսպանատունը կը խորհրդանշէ այսօրուան Հայաստանի ներկայութիւնը Վրաստանի մէջ եւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ շարունակուող կապերը։
Այս այցելութենէն ետք Թիֆլիսը ինծի համար այլեւս միայն գեղեցիկ քաղաք մը չէ։ Անիկա քաղաք մըն է, որ իր քարերուն, եկեղեցիներուն, տուներուն, գերեզմաններուն եւ մշակութային կեդրոններուն մէջ կը պահէ հայկական կեանքի բազմադարեան պատմութիւնը։
Ռաֆֆիի բնակարանը, Թումանեանի տունը, Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, Սայեաթ Նովայի գերեզմանը, հայկական Պանթէոնը եւ Հայաստանի դեսպանատունը միասին ինծի տուին մէկ ամբողջական պատկեր մը՝ Թիֆլիսը որպէս հայ գրականութեան, հոգեւորութեան, մշակոյթի եւ ազգային յիշողութեան կարեւոր կեդրոն։
Երբ Թիֆլիսէն Երեւան կը ճամբորդէի եւ ցամաքի ճամբով, սահմանը ընդամէնը աշխարհագրական բաժանում մը թուեցաւ։ Պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մարդկային յիշողութիւնը այդ սահմանէն շատ աւելի խոր են։ Հայկական Թիֆլիսը կը շարունակէ ապրիլ իր եկեղեցիներով, մշակութային ժառանգութեամբ եւ այն անուններով, որոնք հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մնայուն հետք ձգած են։
Թիֆլիսէն հեռանալուս պահուն հետս կը տանէի ոչ միայն այցելութեան յիշողութիւններ, այլ նաեւ մէկ կարեւոր զգացում՝ անցեալը պահպանելը միայն յիշելը չէ. անիկա նաեւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելու պատասխանատուութիւն է։

Հրայր Ջեբեջյան
Դիտվել է՝ 228

Մեկնաբանություններ