ՆԱՏՕ-ի անդամները դադարեցրել են հետախուզական տվյալներ փոխանցել Վաշինգտոնին՝ Գրենլանդիայի առնչությամբ Դոնալդ Թրամփի հավակնությունների և դաշինքի ներսում վստահության վատթարացման պատճառով՝ հաղորդում է բրիտանական I Paper պորտալը։ Եվրոպական երկրների հետախուզական մարմինները մտահոգություն ունեն, որ տեղեկատվությունը կարող է հասնել Թրամփին և օգտագործվել կղզին ուժով գրավելու փորձի համար։               
 

Հիմնադրութեան 51-րդ ամեակին առիթով՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի յայտարարութիւնը

Հիմնադրութեան 51-րդ ամեակին առիթով՝  Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի  յայտարարութիւնը
20.01.2026 | 11:56

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը ծնունդ առաւ 20 Յունուար 1975-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն 60 տարիներ ետք, երբ մեր ազգի զանգուածային բնաջնջման ու հազարամեակներու հայրենիքէն բռնի տեղահանման յանցագործութիւնը մնացած էր ոչ միայն անպատիժ, այլեւ անտեսուած ու արհամարհուած միջազգային հանրութեան կողմէ:

20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական դատապարտումն ու անոր հետեւանքներու վերացման համամարդկային պարտաւորութիւնը ոչ միայն անյիշելի էր ու անգոյ, այլեւ մոռացութեան թանձր վարագոյրը սկսած էր կամաց-կամաց իջնել պատմաքաղաքական այս արիւնաթաթախ իրադարձութեան վրայ, յատկապէս, որ թրքական ուրացման ու ժխտման նկրտումները թափ հաւաքելով, արդէն իսկ վերածուած էին ցեղասպան պետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մին:

Ի տես ձեւաւորուած այս դաժան իրականութեան, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը իր գոյութեամբ իսկ եկաւ համայն աշխարհին լսելի դարձնելու` Հայ ազգի անկորչելի ու անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման համար անհաշտ պայքարի, անկոտրում կամքի ու անտեղիտալի վճռակամութեան որոտաձայն ուղերձը:

Ու այս ուղերձի դղրդիւն արձագանգները լսելի դարձան ոչ միայն համայն աշխարհի ոստաններուն մէջ, այլեւ ու մանաւանդ թրքական ցեղասպան պետութեան սրտին վրայ՝ Հայ ազատամարտիկներու անսակարկ զոհողութիւններուն եւ մահապարտ գործողութիւններուն շնորհիւ:

Աշխարհը լսեց ու իմացաւ, իսկ թրքական ցեղասպան պետութիւնը տեսաւ եւ հասկցաւ, որ ՀԱՅԸ՝ իր պատմական իրաւունքներէն հրաժարողը չէ՛, ՀԱՅԸ՝ իր ազգային ինքնութենէն օտարացողը չէ՛, ՀԱՅԸ՝ իր ազգային յիշողութենէն ու պատկանելիութենէն հեռացողը չէ՛, ՀԱՅԸ՝ իր հազարամեակներու փառաւոր պատմութիւնը ըստ քմահաճոյքի եւ օտարածին պատուէրի վերախմբագրողը չէ՛, ՀԱՅԸ՝ իր հայրենիքին, իր արժանապատիւ գոյութեան ու գոյատեւման համար կեանք խնայողը չէ՛, ՀԱՅԸ՝ իր ազգի միլիոնաւոր նահատակներու պատգամը ուրացողը չէ՛:

Ու մինչ համայն աշխարհը իմացաւ, իսկ ցեղասպան թուրքը հասկցաւ, կը թուի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս գործող վարչախումբը, պատմութենէն դասեր չքաղելով, «խաղաղութեան» սին ու պատիր կարգախօսներու տարափին տակ, կը նկրտի վերափոխել ու վերաձեւել Հայու ազգային ինքնութիւնը՝ ըստ թրքա-ազերիական ցանկութեան ու պատուէրի:

Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ուրացումը, հայապատկան Արցախէն հրաժարումը, պետական ինքնիշխանութեան զիջումը, ազգային արժանապատւութեան նսեմացումը եւ համահայկական տեսլականներու ոտնահարումը` անտարակոյս կը բնորոշեն եւ կ’ապացուցեն գործող վարչակազմի ապազգային ու հայրենադաւ էութիւնը:

Իսկ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եւ հոգեւորականութեան դէմ շղթայազերծուած ստոր արշաւը, միայն ամենավերջին օղակն է անոր ազգադաւ ու հայրենակործան վարքագիծի երկար շղթային:

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները, ուժերու յարաբերակցութեան առկայ դրուածքէն բխող միջազգային եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, իսկ յատկապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ եւ ներս ձեւաւորուած իրավիճակը, որդեգրած է առաւելագոյն ինքնազսպման, ռազմավարական համբերութեան եւ իրատեսական շրջահայեցութեան գործելաձեւը՝ առանց մազաչափ իսկ տեղաշարժելու համազգային իր տեսլականէն եւ նպատակային ու ծրագրային առաջադրանքներէն:

Այս գործելաձեւը սակայն ունի իր սահմանները, որոնք կը ձեւաւորուին ու կը ճշդուին, ելած ազգային եւ պետական շահի նկատմամբ ունեցած մեր սեփական ուրոյն ընկալումէն ու գիտակցումէն, իսկ եթէ այդ գիտակցումը պարտադիր ու անյետաձգելի հրամայական համարէ անգամ մը եւս որոտաձայն ուղերձներու յղումը առ որ անկ է, մենք ունինք ե՛ւ կամք ե՛ւ կարողութիւն անոնք յղելու՝ ո՛ւր եւ ե՛րբ անհրաժեշտ ու նպատակայարմար նկատենք:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը:

Կեցցէ՛ ամբողջական եւ միացեալ, հայրենատէր ու ազգակեդրոն Հայաստանը:

Խոնարհում Հայ ազգի իրաւունքներուն եւ արժանապատւութեան համար զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակին:

Յաղթանակը մերն է:

20 Յունուար 2026

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

Բովանդակ Հայաստանի Քաղաքական Ղեկավարութիւն

Դիտվել է՝ 199

Մեկնաբանություններ