25.11.2024|
17:35
Ուրբաթ 22 Նոյեմբերի, 2024 ին, Արտան եւ ես առիթը ունեցանք այցելելու Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը։ Կեդրոնական վարժարանը Պոլսահայ եւ հայկական իրականութիւններու համար ունեցած է ու տակաւին կրթական ու դաստիարակչական մեծ առաքելութիւն։ Բաւարար է շրջագայիլ դպրոցի տարբեր մասերը ապրելու համար հայկական Պոլիսը իր ամբողջութեանը մէջէն։ Կեդրոնականը եղած է մեր գրական-մտաւորական ու ազգային մեծ հեղինակութիւններու դարբնոցը։ Եթէ մէկ կողմէ կը դիտես նկարները մեր ազգային կեանքը կերտած մեծ անհատականութիւնները՝բայց նոյնքան նաեւ կուգաս յարգանքի տուրքը մատուցելու Մեծն Կոմիտասի, որուն դաշնակը տակաւին կը մնայ սրահի մէջ ու կը գործէ։ Ասոնք մեծեր եղած են մեր ազգին մէջ՝ որոնք հայուն պատմութիւնը դրած են իր շարունակական գործընթացին մէջ։ Եւ Կեդրոնական վարժարանը ու անոր առաքելութիւնը մէկ ապրող վկայութիւնն է այս պատմութեան շարունակականութեանը իրականութեանը մէջ։