«Եթե Երևանը ձեռնարկի ԵԱՏՄ իրավունքին հակասող քայլեր, ինչը, կարծում ենք, տեղի չի ունենա, կխախտի ԵԱՏՄ-ի մասին պայմանագիրը: Մենք ունենք անհրաժեշտ միջազգային-իրավական մեխանիզմներ միության մնացած անդամ պետությունների շահերը պաշտպանելու համար»,- ասել է ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ երկրների առաջին դեպարտամենտի տնօրեն Միքայել Աղասանդյանը։ Նա նաև շեշտել է, որ Հայաստանը հրապարակավ կամ երկկողմ շփումների ընթացքում երբեք չի հայտարարել պայմանագրից դուրս գալու մտադրության մասին:                
 

«Ես Աշխարհին Յաղթեցի»

«Ես Աշխարհին Յաղթեցի»
18.04.2025 | 19:30

Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ընթացքին, եթէ կը հանդիպիմ նոր պատահարներու եւ դրուաքներու, բայց նաեւ անոնք մտածել կուտան ինծի ապրած թէ ապրող իրավիճակներու վրայով։ Այդ պատահարները եւ իրենց երկրին դրուածքին մէջ կը խօսին եւ ունին ըսելիք։ Այդ իրավիճակները կրնան ըլլալ պատմութեան մէջ պատահարներ, դէմքեր, թէ դէպքեր։ Իւրաքանչիւրը մտածել կուտան ինծի այդ պատահարներուն առընչուածութիւնը կեանքի հետ՝ անձնական թէ հաւաքական, որոնք մէկ կողմէ կը խթանեն զիս մտածելու եւ սորվելու։

Մարտ 2025, Սկոբիէ, Հիւսիսային Մակետոնիա։

Այս իմ առաջին այցելութիւնս է։ Հիւսիսային Մակետոնիան մաս կը կազմէր նախկին Եուկոսլաւիոյ վարչակարգին, երբ 1991 թուականին Սովետական Միութեան փլուզումով Արեւելեան Եւրոպական երկիրներն ալ նոյնպէս անջատուեցան համայնավար կարգ ու սարգէն՝ ներառեալ Եուկոսլաւիան։ Հիւսիսային Մակետոնիան ալ դարձաւ անկախ միաւոր երբ Եուկոսլաւիոյ վարչակարգը տարանջատուեցաւ։

Հիւսիսային Մակետոնիոյ անկախացումը հեշտ չեղաւ։ 1991-էն ետք ան պէտք ունէր իր «մեծ եղբօր»՝ Յունաստանին հետ համաձայնելու, թէ ի՞նչ անուան տակ պէտք էր ըլլար իր անկախ պետականութիւնը, որպէսզի խոչընդոտ չըստեղծուէր երկու Մակետոնական երկիրներու քաղաքակրթութիւններու ու քաղաքական ինքնութիւններու հաշուարկներուն հետ։ Հիւսիսային Մակետոնիա անուանումը եղաւ բարւոք լուծումը։

Մայրաքաղաք Սկոբիէի կեդրոնական հրապարակին վրայ կեցած սկսայ դիտել Մեծն Աղեքսանտրի արձանը՝ հզօր զինուորականը իր հզօր նժոյգով եւ սուրով։ Եթէ մէկ կողմէ մտածմունքներս գացին իմ նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի պատմութեան դասապահերուն եւ թէ ինչպէս սորվեցանք անոր զինուորական արկածախնդրութիւնները ու ռազմական հմտութիւնները, երբ ան դարձաւ աշխարհակալ։ Հազիւ 20 տարեկան, ան ստանձնեց Մակետոնիոյ թագաւորութինը։ Ան իր բարասէր ու ռազմատենչ մտասեւերումով տիրապետեց շատ երկիրներ եւ դարձաւ անպարտելի։ Աղեքսանտրի բանակները հասան մինչեւ կեդրոնական, արեւմտեան եւ հիւսիսային Ասիա եւ հիւսիս-արեւմտեան Հնդկաստան ու տակաւին Եգիպտոս։ Անոր զինուորական տիրապետութիւնը պիտի հասնէր մինչեւ Արապիա եթէ չըլլար իր կանխահաս մահը 33 տարիքին։ Անկախ իր զինուորական եւ ռազմական հմտութիւններէն եւ կարողութենէն, ան ճանչցուեցաւ որպէս անգութ, միահեծան եւ բարասէր թագաւոր մը, որ ինքզինք կը նկատէր «աստուած»։

Աղեքսանտր յաղթեց աշխարհին։ Բայց արդեօք յաղթե՞ց։ Աղեքսանտր, որ ինքզինք գերազանցեց որպէս աստուած՝ մահացաւ։ Մահացաւ քանի մարդ էր։ Աղեքսանտր պահանջած էր, որ երբ իր դագաղը տանին դէպի գերեզման, ճամբուն երկայնքին զետեղէին այդ բոլոր հարստութիւնները որ ան ձգտած ու շինած էր իր կեանքի ընթացքին։ Ու տակաւին ան ուզած էր որ իր ձեռքերը դագաղէն դուրս մնային։ Աղեքսանտրի դիզած բոլոր հարստութիւնը մնացին ճամբու երկայնքին եւ իր ձեռքերը՝ թէկուզ դագաղէն դուրս, այլեւս անզօր էին ու անկարող։

Պատմութեան հոլովոյթները եւ անոնց արձանագրութիւնները նաեւ դիպուկ են։ Աղեքսանտրի մահէն ետք, ներքին քաղաքացիական պատերազմներ սկսան Մակետոնիոյ կայսրութեան մէջ որ առաջնորդեց անոր կործանումին։

Մեծն Աղեքսանտր յաղթե՞ց աշխարհին։ Յաղթե՞ց, թէ այլ ան չի շինեց աշխարհը։ Իր թագաւորական, զինուրական ու մարդկային ուժը հիմք չէին ու չեղաւ որ իր «յաղթած աշխարհը» վերածէր նորի՝ Նոր աշխարհի։ Իր մահէն ետք կործանեցաւ այն բոլորը որ ինք յաղթած էր։

Բայց Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, քանի կերտեց եւ շինեց նոր աշխարհը՝ իր մահէն ետք։ Քրիստոս աշխարհ չեկաւ որպէս զինուորական ոչ ալ որպէս կայսր։ Ան աշխարհ եկաւ մարդանալով, որպէսզի աշխարհի մարդը փնտռէ, գտնէ եւ փրկէ։ Այս գործընթացը ոչ թէ ռազմական ուժի մարտաւարութեան մէջէն, այլ իր սիրոյն շնորհքին միջոցաւ։ Ան այս բոլորը իրականացուց ապրելով աշխարհին մէջ եւ անոր զրկանքներուն, դժուարութիւններուն, փորձառութիւններուն եւ մեղքերուն հետ։ Ան աշխարհի տուեալներէն վեր էր ու մնաց այդպէս։ Վեր մնալու համար ան քննադատեց աշխարհի կարգ ու սարքը։ Քրիստոսի քննադատութիւնը աննպատակ չէր, այլ նպատակասլաց։ Քրիստոս ձգտեցաւ Բարին ներկայացնել եւ ստեղծել։ Այս Բարին ստեղծելը զինք առաջնորդեց մինչեւ անարգանք, խաչելութիւն եւ մահ։ Քրիստոսի մահը ֆիզիքական մահուան հասկացողութենէ անդին էր։ Ան յաղթեց մահուան եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց։ Այս իմաստով Քրիստոսի յարութիւնը՝ երեք օրեր իր խաչելութիւն-մահուընէ ետք, զօրեղ վկայութիւնն է անոր ապրող ըլլալու իրականութեան։

Քրիստոս իր յարութեամբ յեղաշրջեց աշխարհի կարգ ու սարքը։ Այս ընելով Քրիստոս խաբանեց սատանային՝ իմա մեղքին, հնարքները։ Ան իր յարութեամբ հաշտեցուց մարդը Աստուծոյ հետ, որ հեռացած էր իրմէ Ադամի առաջին մեղքէն ետք։ Այս հաշտեցնելու գործընթացը՝ իմա ստեղծել-վերստեղծել Նոր Մարդը, Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի իրականութեան արգասիքն է։

Քրիստոս իր մահէն ետք շինեց ու կերտեց Նոր Կեանքը որ մարդուն տուաւ հանգստութիւն, քաջութիւն եւ զգաստութիւն։ Զգաստութիւնը, որպէսզի մարդն ալ այս Նոր Կեանքի միջոցաւ դէմ կենայ աշխարհի մեղքին եւ Նորը շինէ։ Նորը շինելով է որ կը յաղթես աշխարհին՝ իմա մեղքին։

Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, որովհետեւ ան շինեց նորը։

Մեծն Աղեքսանտր յաղթեց աշխարհի՞ն, բայց նորը չի կրցաւ շինել։ Իր յաղթանակը իր մահէն ետք վերջացաւ։ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին եւ Նորը շինեց։ Իր յաղթանակը իր մահէն ետք կերտեց, շինեց ու տակաւին կը շարունակէ կերտել Նորը։

Աղեքսանտրի յաղթանակը ուժ էր, որ մարդուն կողմէ ստեղծուած էր։ Այս ուժը չի դիմացաւ։ Քրիստոսի յաղթանակը Շնորհք է՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած, որ կը շարունակուի տակաւին։

Մեծն Աղեքսանտրի արձանին նայելով շարունակեցի դիտել աշխարհը իր ներկայ վիճակին մէջէն։ Պատմութիւնը ինչքան ինքզինք կը կրկնէ։ Աշխարհ տակաւին կը շարունակէ յենիլ իր մարդկային ուժին վրայ։ Աշխարհը այսօր կը շարունակէ իր խօլ արշաւը յաղթելու եւ կլանելու աշխարհը՝ իմա ինքզինքը, իր ստեղծած մարդկային ուժովը։

Արդի՞ւնքը։

Մեր մարդկային կեանքերը կը շարունակեն գլորուիլ պատերազմներու, նախճիրներու, տեղահանութիւններու, անիրաւութիւններու ու շատ աւելիին մէջ։ Բայց այդ ե՞րբ է, որ աշխարհ աւելի լաւ տեղ մը պիտի ըլլայ ապրելու։ Բայց պիտի ըլլա՞յ արդեօք։

Այո, կրնայ ըլլալ։ Եթէ իւրաքանչիւրս եւ բոլորս յենինք Աստուծոյ ստեղծած Շնորհքի ուժին վրայ, երբ ան Նորը շինեց իր մահովը եւ յարութեամբը։ Նորը որ Բարին է եւ որ կը ստեղծէ Նոր Բարիները։

Քրիստոս աշխարհին յաղթեց։

Ան յաղթեց, որովհետեւ Նոր Կեանքը շինեց։

Այս Նորը բոլորին համար է։

Այս Նոր Կեանքը ամուր է, քանի Քրիստոս ստեղծեծ զայն խաչին վրայ իր մահուամբ եւ յարութեամբ։

Այս այն յարութիւնն է որ Օրհնեալ է։

Քրիստոս Յարեաւ իր մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Ապրիլ 2025

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դիտվել է՝ 2490

Մեկնաբանություններ