«Եթե Երևանը ձեռնարկի ԵԱՏՄ իրավունքին հակասող քայլեր, ինչը, կարծում ենք, տեղի չի ունենա, կխախտի ԵԱՏՄ-ի մասին պայմանագիրը: Մենք ունենք անհրաժեշտ միջազգային-իրավական մեխանիզմներ միության մնացած անդամ պետությունների շահերը պաշտպանելու համար»,- ասել է ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ երկրների առաջին դեպարտամենտի տնօրեն Միքայել Աղասանդյանը։ Նա նաև շեշտել է, որ Հայաստանը հրապարակավ կամ երկկողմ շփումների ընթացքում երբեք չի հայտարարել պայմանագրից դուրս գալու մտադրության մասին:                
 

Ցաւ շալկող ժողովուրդ մը չի կրնար գործել առանձին

Ցաւ շալկող ժողովուրդ մը չի կրնար գործել առանձին
24.04.2025 | 19:13

Կրկնուող Եւ Շարունակուող Ցաւը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Այս հայուն ցաւն է` Ցեղասպանութիւնը, որ հայը իր էութեան եւ ինքնութեան մէջ շալկած է 110 տարիներէ ի վեր: Բայց ցաւը այսօր դարձած է համատարած: Եթէ մէկ կողմէ սա հայուն ցաւն է, բայց նաեւ` ամբողջ աշխարհինը: Այս ցաւը կը կրկնուի եւ կը շարունակուի համաշխարհային ընտանիքին առջեւ, բայց` առանց հաշուետուութեան կանչելու եւ դատապարտելու զայն գործադրող կողմերը: Եթէ նոյնիսկ ըլլայ դատապարտում, այդ մէկը խօսքի սահմաններէն անդին չ՛անցնիր: Ահա թէ ինչո՛ւ պատմաբաններ եւ գիտնականներ ընդգծած են այն իրականութիւնը, որ եթէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` հայոցը, դատապարտուէր, այդ պիտի կանխէր ու արգելք հանդիսանար հետագայի ցեղասպանական բոլոր գործողութիւններուն, ներառեալ` Արցախի ցեղասպանութիւնը:

Մարտ 2025, Սքոփիէ, Հիւսիսային Մակեդոնիա: Աշխատանքի այցելութեանս ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցայ պատրիարք Սթեֆան արքեպիսկոպոսին հետ, որ գերագոյն եկեղեցական պետն է Մակեդոնիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ: Մեր հանդիպման խօսակցութեան առանցքները կազմեցին Աստուածաշունչը եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, բայց նաեւ առիթը ունեցայ պատրիարքին ներկայացնելու հայուն պատմութիւնը: Խօսեցանք շարունակուող ցեղասպանութիւններու պատմութեան մասին, երբ հայուն ցաւը կրկնուեցաւ Արցախի մէջ, ինչ որ պատճառ եղաւ աւելի քան 120.000 հայորդիներու տեղահանութեան:

Սթեֆան պատրիարքը տեղեակ էր հայուն պատմութեան եւ կը զգար անոր ցաւը: Կը զգար, քանի ինք ալ բաժնեկցեցաւ իր ժողովուրդին ցաւը: «1946-1949 տարիներուն 100.000-է աւելի մակեդոնացիներ, որոնց շարքին` աւելի քան 30.000 երեխաներ, տեղահան եղան հիւսիսային Յունաստանէն եւ ղրկուեցան արեւելեան Եւրոպայի համայնավար երկիրները: Այս 30.000 երեխաները խլուեցան եւ անջատուեցան ոչ միայն իրենց հողէն եւ հայրենիքէն, այլ նաեւ` իրենց ընտանիքներէն», ըսաւ պատրիարքը, որուն դէմքին վրայ կար այդ ցաւին ձգած վիշտը: «Այս երեխաները չկրցան տեսնել իրենց ծնողները եւ ընտանիքը, քանի արգիլուած էր անոնց վերադառնալ իրենց հայրենի տունը»:

Սթեֆան պատրիարքը կամրջեց իր ցաւը հայու ցաւին հետ: Ես ալ կրցայ կամրջել հայուն ցաւը մակեդոնացի երեխաներուն հետ: Չէ՞ որ Արցախի 30.000 երեխաները աւելի քան տասը ամիս մնացին շրջափակման մէջ եւ զրկուեցան կենսական սնունդէ: Տակաւին ինչ խօսք, որ այդ տասը ամիսներու վրայ երկարած շրջափակումը կարգ մը միջազգային դիտորդներ յանդգնեցան անուանել «ցեղային զտում», իմա՛` ցեղասպանութիւն: Այս դատապարտումը սակայն չանցաւ խօսքի սահմաններէն անդին:

Եթէ հայուն կրկնուող ցեղասպանութիւնը այսօր Արցախի կորուստն է եւ հայուն բռնի տեղահանումը, բայց նոյնքան նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւնն է եւ` պատմութեան ու անոր արժանահաւատութեան խեղաթիւրումը: Այս բոլորը կը պատահին միջազգային ընտանիքի ներկայութեան, ան ականատես է հայուն պատմական արժէքներուն վտանգումին եւ ոչնչացման: Ճիշդ է, որ այս արժէքները հայկական են, բայց մշակութային կոթող մը պէտք չէ դիտարկել իր ազգային պարունակին մէջ միայն: Անիկա ունի միջազգային արժէք, որ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը կը հարստացնէ: Վերջապէս, միջազգային քաղաքակրթութեան հիմքը ազգային մշակոյթներու համախմբումն է, որ մարդկային արժէքներու գիտակցութեան բնօրրանն է: Ազգային եւ մշակութային կոթողի մը ոչնչացումը նոյնքան կորուստ է համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար:

Այսօր դարձեալ ականատես կ՛ըլլանք պատմութեան եւ անոր արժէքներու խեղաթիւրումին, երբ Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կը փորձուի Արցախի քրիստոնէական պատմական ներկայութիւնը յեղաշրջել կամ կասկածիլ անոր հայկական ինքնութեան վրայ: Այս բոլորը` դարձեալ միջազգային ընտանիքի հովանիին ներքեւ: Միջազգային հանրութիւնը պիտի կարենա՞յ գիտակցիլ, թէ պատմութեան ոտնահարումը երբեք չի նպաստեր աշխարհի մէջ համերաշխ հաւաքականութիւններու ստեղծման:

Ցեղասպանութիւնը համայն հայութեան ցաւն է: Եթէ սփիւռքահայերը, յատկապէս` դասական սփիւռքի ներկայացուցիչները, զրկուած են իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն, այդ երբեք չի նշանակեր, թէ Ցեղասպանութիւնը միայն իրենց վիճակուած է: Ցեղասպանութիւնը համայն հայութեան պատմական իրողականութիւնը յիշելու եւ պահանջելու ներկայ ու ապագայ օրերու մարտահրաւէրն է: Այս այն ցաւն է, որ հայը կը կրէ իր ծիներուն մէջ, եւ որ` դարձած է հայուն ինքնութիւնն ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:

Այս իմաստով պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայը կը նայի Հայաստանին` իբրեւ մայր հայրենիք: Հայաստանը հայը ապրեցնող բազկերակն է, որ հայուն կեանքը պիտի տանի իր պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ: Սփիւռքահայը, անկախ իր ապրած երկրէն եւ այդ երկրէն ստացած քաղաքացիութենէն, որոնց նկատմամբ կը տածէ յարգանք եւ սէր, կը նայի Հայաստանին` իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ պետութեան եւ հայրենիքի: Ազգային, որ հայուն պիտի տայ իր պատկանելիութեան գիտակցութեան ամրացումը: Այս պատկանելիութիւնը եւ անոր գիտակցութիւնն է, որոնցմով հայը` իր ցաւը շալկած, պիտի շարունակէ ապրիլ իր անհատական եւ հաւաքական կեանքը:

Հայուն ցաւը կը կրկնուի եւ կը շարունակուի: Եթէ մէկ կողմէ առկայ են ներկայ օրերու քաղաքական, պատմական եւ ռազմավարական ենթահողերն ու անոնց հաշուարկները, բայց նաեւ մարդկային կեանքը, արժէքները, իրաւունքը եւ արդարութիւնը տակաւին կը սակարկուին: Այս իմաստով կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս երբ ժողովուրդներու մարդկային արժէքները եւ իրաւունքները նժարի վրայ դրուին, «շահ»-ն է, որ կը դասուի առաջնահերթ` պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական օրակարգերուն մէջ:

Ներկայ օրերու ռազմաքաղաքական ու տնտեսական երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայը եւ մարդկութիւնը երեւի պիտի շարունակեն իրենց կեանքերը ապրիլ այս ցաւի իրականութեան մէջ: Եթէ սկսինք «ինչո՞ւ»-ներու մէջ գլորուիլ, պիտի կորսնցնենք մեր ուշադրութիւնը ու կեդրոնացումը, եւ այս պիտի առաջնորդէ ներքին կեանքի պառակտումի: Իսկ «ի՞նչ պիտի ընենք» հարցումը հայուն առջեւ կը բանայ լայն ու գործնական աշխատանքային եւ համագործակցութեան տեսադաշտ:

«Ի՞նչ պիտի ընենք»-ը ոչ միայն անհատական, այլ նաեւ` համահայկական իմաստով: Համահայկականը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութիւնը: Ցաւ շալկող ժողովուրդ մը չի կրնար գործել առանձին: Ցաւը պիտի ստիպէ, որ հայը մէկտեղէ իր միտքը եւ կարողականութիւնը, որպէսզի դիմագրաւէ իր ազգային ու հաւաքական կեանքի առաջնահերթութիւնները:

Սփիւռքը պէտք ունի Հայաստանին, իսկ Հայաստանը` սփիւռքին: Ու տակաւին, Արցախը` մեր բոլորին: Ինչո՞ւ չմէկտեղել եւ չներմուծել մեր համահայկական կարողականութիւնները` մարդկային, մասնագիտական ու տնտեսական` ի սպաս մեր համահայկական օրակարգերուն:

Հայուն ցաւը, որ կը կրկնուի եւ կը շարունակուի 110 տարիներէ ի վեր: Այս պիտի նշանակէ, որ հայուն կրկնուող եւ շարունակուող ցաւը իրարու հետ շաղկապուած եւ ընդելուզուած է: Վերջապէս, հայուն ցաւերը` անցեալի պատմութենէն սկսած մինչեւ ներկայի օրերը, օղակի մը անբաժանելի մասերն են, որոնք կը կրկնուին եւ կը շարունակուին: Եթէ տարբեր բնոյթով,բայց նոյն ցաւին շարունակականութեան գործընթացն է տեղի ունեցածը: Պատմութեան մէջ սկսած եւ տակաւին շարունակուող ու կրկնուող ցաւն է, որ կարելի չէ անջատել մէկը միւսէն: Հայը պարտի նաւարկել այս ցաւերուն մէջ` համահայկական կեցուածքով եւ ռազմավարութեամբ:

«Ի՞նչ պիտի ընենք»:

Եթէ Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային զարգացումները շատ կնճռոտ եւ բարդ են, եւ այդպէ՛ս են, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելի պէտք է ապաւինիլ ներքին համահայկական ուժին, որպէսզի դիմագրաւենք խնդրայարոյց եւ անլոյծ թուացող իրավիճակները: Հայուն ներքին ամուր պատուանդանը հայուն պիտի տայ աւելի զօրեղ կեցուածք:

Հասկնալի է, որ քաղաքական ու դիւանագիտական բանակցութիւններու եւ հաշուարկներու մէջ կան գերզգայուն ոլորտներ, որոնք կրնան ունենալ իրենց յատուկ խաղի կանոնները: Բայց այդ ոլորտներուն եւ կանոններուն մէջ զգուշ պէտք է ըլլալ, որպէսզի չսակարկուի հայուն արժէքի գիտակցութիւնը:

Հայը կը շարունակէ շալկել իր այս կրկնուող եւ շարունակուող ցաւը աւելի քան 110 տարիներէ ի վեր: Այս 110 տարիներուն վրայ երկարած ցաւը ունի նաեւ իր կանչը, որ այսօր շատ ուժեղ կը հնչէ: Այս զգաստութեան կանչն է: Հայուն զգաստութիւնը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք: Զգաստութիւն, որ հայը աւելի կառչի իր եռամիասնութեան գրաւականին: Այս եռամիասնութիւնը ուժ է, որ կրնայ հրաշքներ գործել: Պէտք է հաւատալ այս եռամիասնութեան ստեղծած ուժին:

Յարգա՛նք` մեր անցեալի եւ ներկայի բոլոր նահատակներուն: Յարգա՛նք` բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին եւ չուզեցին սակարկել հայուն ցաւը եւ անոր իրողականութիւնը: Մեր նահատակները մահացան, որպէսզի մենք այսօր այս կրկնուող եւ շարունակուող ցաւը միասին շալկենք:

ՄԻԱՍԻՆ: Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:

Հայուն ցաւը` շարունակուող եւ կրկնուող, վերածենք ապրող եւ վկայող կեանքի:

Ապրիլ 2025

Դիտվել է՝ 1322

Մեկնաբանություններ