«Համացանցը եւ ընկերային կայքերը՝ դիմատետր եւ այլք, յեղաշրջեցին կեանքը ընդհանրապէս եւ հայ կեանքը մասնաւորապէս: Աշխարհասփիւռ հայութեան մասնիկները այժմ հնարաւորութիւնը ունին անմիջականօրէն կապուելու իրար հետ, միտքեր, տեսակէտներ եւ ապրումներ փոխանակելու, վիրթուալ տարածքին մէջ զիրար գտնելու: Կարելի է այս ձեւով զգալ հայութեան զարկերակը, հոգեկան կամուրջ հաստատել հեռաւոր ծանօթին ու անծանօթին հետ եւ վերջապէս զգալ, թէ խորքին մէջ մենք կ՚ապրինք միեւնոյն հոգսերով ու տագնապներով, երազներով ու տեսիլքով: Զգալ, թէ մենք մէկ ու միեւնոյն ժողովուրդի մը զաւակներն ենք` թեւ հեռու իրարմէ, բայց միշտ իրար հետ ու անբաժան»,-ֆեյսբուքյան իր էջում քիչ առաջ այսպիսի գրառում է արել Նիկոսիայում լույս տեսնող «Ազատ խօսք» հանդեսի խմբագիր Երան Կույումջյանը: