ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Մարկո Ռուբիոն շաբաթ օրը հեռախոսազրույց է ունեցել ռուսաստանցի պաշտոնակից Սերգեյ Լավրովի հետ՝ վերջին բանակցությունների վերաբերյալ տեղեկություն ստանալու նպատակով։ «Մի կողմից, մենք փորձում ենք խաղաղության հասնել և վերջ դնել շատ արյունալի, թանկարժեք և կործանարար պատերազմին, ուստի որոշակի համբերություն է պահանջվում։ Մյուս կողմից, մենք զուր վատնելու ժամանակ չունենք։ Աշխարհում շատ այլ բաներ են տեղի ունենում, որոնց մենք նույնպես պետք է ուշադրություն դարձնենք»,- ընդգծել է Ռուբիոն։               
 

Վտանգուած, բայց ո՛չ կորսուած մեր լեզուն, մեր մշակոյթը

Վտանգուած, բայց ո՛չ կորսուած մեր լեզուն, մեր մշակոյթը
17.05.2025 | 20:26

Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ` ամէնէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ:

Թիւերով խօսինք

Անցեալին ունեցած ենք 12.000 լեզուներ, իսկ այսօր 6000 լեզուներ գոյութիւն ունին: Այս 6000 լեզուներէն 276-ը կը խօսուին մէկ միլիոն հաշուող ժողովուրդներու կողմէ եւ 80-90 առ հարիւրն ալ կը խօսուի բնիկ ժողովուրդներու կողմէ, որոնք հազիւ 10 առ հարիւրը կը հաշուեն երկրի բնակչութեան: Այս կը նշանակէ, որ այսօր լեզուներու 80-90 առ հարիւրը կը գտնուի աշխարհի բնակչութեան 10 առ հարիւրին մօտ, որոնց մեծամասնութիւնը թիւով քիչ է եւ տկար, ինչպէս` Փափուա Նոր Կինէայի ուարաբուները, որոնք թիւով 500 հոգի են, եւ մալոլ խումբը` 3300:

Օրինակի համար, 1500 թուականին Պրազիլի մէջ 1175 լեզուներ կը խօսուէին, իսկ 1993-ին անոնց թիւը 200 կը հաշուէր: 1996 թուականին Սուտանի հարաւը 132 լեզուներ կը խօսուէին, իսկ 2020-ին անոնց թիւը 17 կը հաշուէր: Այսօր Ինտոնեզիոյ մէջ 425, Փափուա Նոր Կինէայի մէջ 312, Աւստրալիոյ մէջ 190 եւ Ամերիկայի մէջ 180 լեզուներ վտանգուած են: Կը նախատեսուի,

որ լեզու մը պիտի կորսուի ամէն երկու շաբաթը անգամ մը:

Կորսուած լեզուներ, կորսուած աշխարհներ

Այս իրողութիւնները կը մտահոգեն ընկերալեզուաբանները, որովհետեւ լեզուներու մեծաքանակ անհետացումի պատճառով մշակոյթներու անհետացումը կրնայ վտանգել մարդկային ցեղին գոյութիւնը: Այսօր երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցած է 8 միլիառը, մարդկութիւնը նուաճած է Ամերիկաները, Աւստրալիան եւ Խաղաղականի ամէնէն փոքր կղզիները, վարժուած է անտառներու, անապատներու եւ սառուցեալ ովկիանոսի պայմաններուն` շնորհիւ այն մշակոյթներուն, որոնք փոխանցուեցան լեզուներու միջոցով, եւ հոնկէ` սովորութիւններու, կրօններու եւ արժէքներու թափանցումը եւ տարածումը: Այս տրամաբանութեամբ, որեւէ խախտում լեզուներու այլազանութեան մէջ եւ կրճատում անոնց մշակոյթներու զանազանութեան մէջ` կը նշանակէ մարդկային ցեղին յարմարելու ուժականութեան տկարացում:

Լեզուներու անհետացման անակնկալ պատճառները

Կարելի չէ մէկ բացատրութիւն տալ լեզուներու կրած անկումին: Բնական աղէտներ, հիւանդութիւններ, տեղահանութիւն, կրօնափոխութիւն եւ տնտեսական պայմաններ գլխաւոր ազդակներ են:

Օրինակի համար, Իրլանտայի գետնախնձորի «հիւանդութեան» պատճառած անօթութիւնը (1845-1851) մէկ միլիոն անձի մահուան եւ մնացորդին զանգուածային գաղթին պատճառ դարձաւ: 1841-ին 8 միլիոն հաշուող ժողովուրդը 6,5 միլիոն եղած էր տասնամեակ մը ետք: Գիւղաբնակ ժողովուրդը, որ ամէնէն աւելի իրլանտերէն կը խօսէր, ամէնէն աւելին տուժեց, ինչ որ պատճառ դարծաւ այդ լեզուին աննախընթաց տկարացման եւ նոյնիսկ անհետացման որոշ շրջաններու մէջ:

Եւրոպացիներուն Ամերիկա հասնելէն 200 տարի ետք բնիկ ժողովուրդին 90 առ հարիւրէն աւելին մեռաւ հաստատուողներուն եւ անոնց անասուններուն բերած հիւանդութիւններուն պատճառով: Կեդրոնական Մեքսիքան 1518-ին, երբ սպանացիները եկան, 25 միլիոնէ աւելի կը հաշուէր: Սակայն 1620-ին 1,6 միլիոնի իջած էր բնակչութեան թիւը: Ամազոնի մեծ շրջանը ունէր 6,8 միլիոն բնիկ ժողովուրդ, բայց այդ ժողովուրդը 1992-ին միայն 700.000 կը հաշուէր: Ներկայիս, ըստ ՄԱԿ-ի վիճակագրութիւններուն, ՍԻՏԱ-էն մահացողներուն 95 առ հարիւրը կը գտնուի Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ, երկու ցամաքամասեր, որոնք կը պարունակեն աշխարհի 3/4 լեզուները:

Ամազոնի անտառներուն միլիոնաւոր ծառերու անհետացումը, հանքերու մեծաքանակ շահագործումը եւ շարունակական սպանութիւնը տեղացի ցեղերուն` կը վտանգեն բնիկ ժողովուրդին կեանքը, կը պատճառեն մեծաթիւ արտագաղթ եւ կը դժուարացնեն անոնց ջանքերը` պահպանելու իրենց մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ լեզուները:

Համաշխարհային Բ. պատերազմին, Խաղաղական եւ Հնդկաց ովկիանոսներու կղզիներու ընկերութիւնները թիրախ դարձան, եւ հսկայական վտանգի ենթարկուեցան անոնց լեզուները: Փափուա Նոր Կինէայի մէջ ճափոնցիները եւ դաշնակից ուժերը պատճառ դարձան հարիւրաւոր խօսակցական լեզուներու ամբողջական կորուստին` այրելով բոլոր արխիւները: Նոյնպէս, աւետարանչական արշաւներու եւ գաղութատիրական լեզուներու պարտադրանքին պատճառով հազարաւոր բնիկ լեզուներ եւ մշակութային ժառանգութիւն անհետացան:

Անգլերէնէն անդին

Յաճախ փորձեր ալ կը կատարուին, մանաւանդ` համաշխարհային մամուլին կողմէ, մատնանշելու անգլերէնի մեծածաւալ տարածումը եւ անոր ազդեցութիւնը աշխարհի լեզուներուն վրայ: Պատահական չէ, որ անգլերէնը յաճախ կը կոչուի «սպաննող լեզու» ընկերալեզուաբանական հատորներու մէջ: Այդ մէկը, սակայն, կ՛օգնէ ճշդելու պատճառներէն միայն մէկը: Բացատրենք:

Ներկայ վիճակը եզակի է` աշխարհ այսքան մեծաթիւ բնակչութիւն չէ ունեցած, համաշխարհայնացումի ընթացքը այսքան արագընթաց չէ եղած, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու ճարտարարուեստները այսքան լայնածիր չեն եղած, այսքան լեզուներու միջեւ հաղորդակցութիւն չէ ստեղծուած, եւ ոչ մէկ լեզու այսքան համաշխարհային ազդեցութիւն չէ ունեցած, որքան` անգլերէնը:

Հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի կրնան լեզուներ, մանաւանդ` փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդներու լեզուները, տոկալ նման պայմաններու մէջ:

Թեր եւ դէմ տեսակէտներ

Մուֆուենէ կը կարծէ, թէ լեզուները իրենց բնական ընթացքը պէտք է շարունակեն, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ անոնց մահը: Ան կը հաւատայ, որ արդէն լեզուներու այլազանութիւնը Աստուծոյ պատիժն էր Բաբելոնի մէջ, եւ անոնց նուազումը համերաշխութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի երաշխաւորէ:

Այս թեզը պաշտպանողները 1960-ական թուականներուն Հիւսիսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ծանր պատիժներու կ՛ենթարկէին աշակերտներ եւ անոնց բերանը օճառով կը լուային, երբ անոնք իրենց մայրենի լեզուն գործածէին դպրոցին մէջ: Անգլիոյ մէջ ուսուցիչներ այցելութիւններ կատարեցին իրենց օտար աշակերտներուն տուները` զգուշացնելու անոնց ծնողները եւ արգիլելու տան մէջ անոնց մայրենի լեզուին գործածութիւնը: Անոնք համոզուած էին, որ երկլեզուութիւնը նոր երկրին հանդէպ հարազատութեան ու պատկանելիութեան հարցեր կը յարուցէ եւ կը խանգարէ մանուկին հոգեմտաւոր զարգացումը: Անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզու խօսողներ կը նկատուէին` ապուշ, ծոյլ, աղքատ, անվստահելի եւ անբարոյ: Այս միջոցառումները եւ համոզումները մղեցին բազմաթիւ գաղթականներ, որ ո՛չ միայն լքեն իրենց մայրենի լեզուն, այլեւ փոխեն իրենց անունները եւ մականունները:

Բարեբախտաբար 1970-ական թուականներուն, շնորհիւ ընկերալեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններուն, կը հաստատուի, որ մայրենի լեզուի դասաւանդութիւնը եւ պահպանումը անհրաժեշտ են` մշակելու ինքնուրոյն ազգային ինքնութիւն, մշակութային պատկանելիութիւն, ազգային սովորութիւններ, ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ, մանկական յիշատակներ, լեզուի հանդէպ հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն, ազգային պատմութիւն, բարոյագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեծ թիւով լեզուագէտներ, ինչպէս` Տիքսըն, Նեթըլ եւ Ֆիշմըն, կը հաւատան, որ մայրենի լեզուի պահպանութեան հետ կը պահուին` մշակոյթ, իւրայատուկ

կենցաղավարութիւն, յատուկ ինքնութիւն, աշխարհահայեացք եւ մտածելակերպ:

Համաշխարհային նեցուկ

Այս չափանիշները եւ ըմբռնումները ընդգծելու առումով, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած են յստակ որոշումներ` ապահովելու փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքները: Լեզուաբաններուն հրամցուցած լուսաբանութիւնները եւ միջազգային մարմիններու որոշումները կու գան հաստատելու, որ կարելի չէ համաշխարհային համերաշխութիւն ապահովելու պատրուակով քաջալերել գաղութներու լեզուներու հարստահարումը, կամ մէկ լեզուի եւ մէկ մշակոյթի բռնակալական ախորժակները:

Այս զօրակոչին իբրեւ ենթահող կը ծառայեն ընկերաբաններու եւ լեզուաբաններու մեծ խումբի մը աշխատասիրութիւններուն արդիւնքները: Անոնք կը հաւատան, որ երբ մայրենի լեզուի փոխանցումը խախտի, անոր կը հետեւի ժառանգուած գիտութեան լուրջ կորուստ, որովհետեւ այդ կը պարունակէ թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային պատմութիւններու բանալին, կը յատկանշէ ժողովուրդի մը մշակութային, անձնական եւ ազգային ինքնութիւնը, կ՛ընդգծէ անցեալի եւ նախնիներու հետ կապը եւ շարունակականութիւնը, կ՛արտացոլացնէ իւրայատուկ աշխարհահայեացք եւ դէպքերու մեկնաբանութիւն, կ՛ընդգրկէ անհրաժեշտ, հետաքրքրական եւ հմայիչ քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական յատկանիշներ եւ կը յառաջացնէ ընկերային համերաշխութիւն, ինքնավստահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն:

Ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնք

Պատահական չէ, որ այսօր յունական, իտալական եւ չինական կարգ մը գաղութներ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած են` պահպանելու իրենց նախահայրերուն լեզուները, որովհետեւ անոնք հպարտ կը զգան անգամ մը եւս իրենց ժառանգութեամբ, դրական կեցուածք սկսած են մշակել իրենց լեզուին հանդէպ, մտադրած են օգտուիլ իրենց լեզուին հրամցուցած արժէքներէն, սկսած են գիտակցիլ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան, անհրաժեշտ կը սեպեն հայրենիքի հանդէպ իրենց կապուածութիւնը եւ կ’ուզեն կառչիլ իրենց իւրայատուկ կրօնական հաւատալիքներուն եւ ծէսերուն:

Երբ մեր լեզուն դարձաւ վտանգուած ժառանգութիւն

Իսկ երբ 2010-ի փետրուարին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ զետեղուեցաւ արեւմտահայերէնը` մե՛ր մայրենի լեզուն, թերեւս լեզուներու անհետացումը եւ մահը ա՛լ առասպել մը չէր, կամ` ուրիշներուն պատահելիք բան մը, այլ` քիչ մը աւելի հարազատ:

Աւելին՝ յաջորդին

Արտա ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դոկտոր ընկերալեզուաբանութեան

Քուէյթ, ապրիլ 2025

Դիտվել է՝ 808

Մեկնաբանություններ