-
05.06.2018|
00:17
Տու՜ր ինձ, Տէ՜ր, իմաստութիւնը, որ սիրեմ իմ անձը:
Երբ իմ անձը սիրելու կատարելութիւնն ունենամ, այն ատեն պիտի սիրեմ իմ դրացին ու հեռաւորը:
-
01.06.2018|
00:02
Ան, որ չի փնտռեր, կը խուսափի ոչ միայն ես-էն, այլ (նաև) Աստուծմէն: Ան որ կը խուսափի Աստուծմէն, մեղքերուն մէջ կը փնտռէ իր ապաստարանը ու կը թաքնուի գողի մը պէս:
-
29.05.2018|
08:00
Յոգնած ճամբորդը ծառի շուքին տակ հանգիստ կþընէ, գրկի մը պէս ծառը իր ճիւղերուն մէջ կը պաշտպանէ թռչունները, ափի մը պէս կը բռնէ թռչուններուն տաք բոյնը սիրոյ: Ծառին պէս պէտք է ըլլայ ճշմարիտ ես-ը իր մատուցումով ու գեղեցկութիւնով:
-
25.05.2018|
00:09
Եթէ ցօղունն ու արմատը մարմինն են տունկին, ես-ը անոր ծաղիկն է: Ինչպէս ծաղիկն է շռայլ իր բուրմունքով ու գոյնով, այնպէս պէտք է ըլլայ նաեւ ես-ը ճշմարիտ, որ համանուագն է զգայարանքներուն:
-
22.05.2018|
00:05
Երբ արեւը խաւարեցաւ, երբ եկեղեցիին վարագոյրը պատռեցաւ, խաչին վրայէն Աստուածն էր, որ կը բաժնուէր Յիսուսի մարմնէն:
-
18.05.2018|
00:04
Աստուծմէն յետոյ ճշմարիտ ես-ն է համագումարը բոլոր գեղեցկութիւններուն: Հոնկէ է, որ իրերը իրենց իմաստուն ցոլքը կը ստանան այնպէս, ինչպէս Լուսնկան իր ցոլքը կը ստանայ Արեւէն ու կը բաշխէ Երկրին:
-
15.05.2018|
00:01
Բանաստեղծը միշտ ալ ճախրանքը կþունենայ տալու իմաստը արեւին, կանանչին, կնոջ ժպիտին, արցունքին, կապոյտին, այն բոլոր բաներուն, ուր Քու իմաստութիւնը կայ եւ կան անծանոթ լեզուի մը տառերը շողական:
-
11.05.2018|
00:06
Տու՜ր շնորհը, Տէ՜ր, որ մենք լեցուինք իմաստուն լռութիւնով, ինչպէս արցունքը կը լեցուի աչքերուն մէջ, եւ մենք չգիտենք խորութիւնը այդ արցունքին եւ կամ ինչպէս նոյն աչքերուն մէջ կը լեցուի խայտանքը ժպիտին, որուն արմատը նոյնպէս անծանօթ է մեզի:
-
08.05.2018|
00:00
Լռութիւնը հոգիներուն մէջ անեզր ովկեան մըն է, եւ մենք ծովաճայերու նման անոր եզերքներուն վրայ է, որ կը ճախրենք: Ինչպէս որ ծովաճայերու շնորհալի թեւերը չեն կրնար նուաճել անջրպետը ովկեանին, այնպէս ալ մենք չենք կրնար նուաճել լռութիւնը, որ կայ մեր հոգիներուն մէջ:
-
04.05.2018|
00:07
Մեծագոյն իմաստութիւնը լռութեան մէջ կը հասունանայ, ինչպէս նաեւ մեծագոյն սէրն ու վիշտը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մութին ու լռութեան մէջ կը կազմաւորուին թեւը թիթեռնիկին եւ գոյնը ծաղիկին: