Իրանի և Միացյալ Նահանգների միջև բանակցությունների հինգերորդ փուլի ավարտից հետո Իրանի գլխավոր բանակցող, արտգործնախարար Աբբա Արաղչին հայտարարել է, որ «դա բանակցությունների ամենապրոֆեսիոնալ փուլերից մեկն էր»։ «Մենք անսասան ենք մեր դիրքորոշումներում։ Ամերիկյան կողմն այժմ հստակ պատկերացում ունի Իրանի դիրքորոշման վերաբերյալ»,- շեշտել է նա։               
 

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ «BIBLE ENGAGEMENT THE DISCOVERY OF FAITH, HOPE AND SELF» ԳԻՐՔԻՆ

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ «BIBLE ENGAGEMENT THE DISCOVERY OF FAITH, HOPE AND SELF» ԳԻՐՔԻՆ
23.02.2025 | 15:19
Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան տնօրինումով եւ Ուսանողական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ գրուած «Bible Engagement» գիրքին ներկայացումը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Յակոբ Սրկ. Ճուլֆայեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Աստուածաշունչ ընթերցելու եւ հասկնալու կարեւորութեան՝ ըսելով «Աստուածաշունչը պէտք չէ որպէս սոսկ տպագիր գիրք ընթերցենք, այլ անհրաժեշտ է, որ անոր խորքը թափանցենք եւ անոր մէջ գրուած ուսուցումները մեր կեանքին մէջ կիրարկենք»։
Օրուան դասախօսն էր Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ մասնագիտական հմուտ մօտեցումով ներկայացուց իր գիրքը՝ շեշտելով Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ հասկնալու ձեւին կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ «Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կրնայ լոյս սփռել մեր կեանքին մէջ, վստահութիւն եւ յոյս ներշնչելով մեզի»։ Յարգելի դասախօսը նաեւ «Bible Engagement» գիրքէն օրինակներ նուիրեց Դպրեվանքի ընծայարանի սաներուն։
Այնուհետեւ, Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն ընդմէջէն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց յարգելի դասախօսին իր օգտաշատ ներկայացումին համար։ Ապա ան ըսաւ. «Պէտք է գիտակցիլ, թէ Աստուածաշունչը հսկայական անգիր հարստութիւն է, որ կը գտնուի մեր կեանքին մէջ. մենք իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, բախտաւոր ենք, որ տակաւին Աստուածաշունչ Մատեանը մինչեւ օրս կը մնայ այդ յառաջատար Սուրբ Գիրքը, որ ամէնէն շատ հրատարակուած է եւ կը շարունակէ հրատարակուիլ»։
Աւարտին, Տեսուչ Հայր Սուրբը յուշանուէրով մը պատուեց օրուան դասախօսը. երեկոն իր աւարտին հասաւ յիշատակելի խմբանկարով մը։

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 1164

Մեկնաբանություններ