«Հարավային Կովկասը չի պատկանում Թրամփին, որպեսզի այն վարձակալի։ Կովկասը աշխարհի ամենազգայուն աշխարհագրական տարածքներից մեկն է, և այս միջանցքը չի դառնա «Թրամփի միջանցք», այլ կվերածվի նրա վարձկանների գերեզմանի»,- հայտարարել է Իրանի գերագույն առաջնորդի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքբար Վելայաթին:               
 

Ինչպէ՞ս չհրճուի Հայրապետի հոգին իր ձեռքերու արդար վաստակովը

Ինչպէ՞ս չհրճուի Հայրապետի հոգին իր ձեռքերու արդար վաստակովը
08.08.2025 | 13:41

Եթէ բախտը ունեցէր էք Վեհափառի հետ շրջելու շինարարութիւնները, կը զարմանաք՝ տեսնելով անոնց մէջ դրած իր սրտմաշումը, հոգածութիւնն ու խնամքը: Իր սեփական տունը ըլլար՝ հաւանաբար այնքան բծախնդրօրէն չէր միջամտեր գործընթացին: Բայց ուրիշներ պիտի վայելեն այս բոլորը, եւ «ուրիշ»-ը սուրբ է Գարեգին Կաթողիկոսի համար, նոյնիսկ չգիտէր, թէ ովքեր են այդ անծանօթ ուրիշները:

Ուրիշներ պիտի ապրին իր կառուցած այդ սենեակներուն մէջ եւ պիտի գտնեն դրախտէն անկիւն մը, ովասիս մը անապատին մէջ: Անծանօթ ուրիշներ, որոնք «փառք Քեզ, Տէ՛ր Աստուած» պիտի ըսեն ննջելէ առաջ եւ պիտի տեսնեն սուրբ երազներ: Պատուհաններէն ուրիշներ պիտի նային դուրսը եւ պիտի վայելեն արեւի լոյսն ու գարնանային ծաղկումը ծառերուն վրայ: Ուրիշներ պիտի լեցնեն շքեղօրէն զարդարուած արդի գրասենեակները եւ հոնկէ պիտի տնօրինեն Սուրբ Եկեղեցւոյ ապագան: Ուրիշներուն մանուկները արուեստ պիտի սորվին հոն, թերեւս հացի միջոց մը պիտի ճարեն իրենց աղքատ ընտանիքին համար, եւ երիտասարդներ հայոց

լեռներու խրոխտ պարերով պիտի ցնծան ձեռք ձեռքի տուած եւ միաբերան պիտի երգեն հայուն հպարտ քայլերգը՝ լուսաւոր առաւօտներու համար: Բիւր բիւրոց հաւատացեալներ պիտի ծնրադրեն նորակերտ եկեղեցիներուն մէջ եւ զրոյց պիտի բռնեն իրենց Արարչին հետ ի խորոց սրտի եւ վառ պիտի պահեն Լուսաւորչի կանթեղը՝ իրենց հաւատքի արտասուքներով: Ուրեմն ինչպէ՞ս չհրճուի Հայրապետի հոգին իր ձեռքերու արդար վաստակովը, եւ ինչո՞ւ չխնդայ աչքերուն բիբը լիակատար բերկրանքով եւ գալիք բիւր սերունդներուն առջեւ սեղան սարքելու գիտակցութեամբ: Ստուգիւ, ան լաւ գիտէ երանութեան գաղտնիքը, որ թաղուած է իր աչքերուն մէջ ու զայն կը փոխանցէ բոլոր անոնց, որոնք իրեն մօտեն նայելու բախտը կ’ունենան:

Սահակ եպս ՄԱՇԱԼԵԱՆ

(հիմա՝ Պոլսո Հայոց Պատրիարք)

Մասյացոտնի Թեմ-ի ՖԲ էջից

Դիտվել է՝ 777

Մեկնաբանություններ