Հայաստանին փորձում են ներքաշել հակառուսական ճամբար՝ Ռուսաստանին որքան հնարավոր է շատ ցավ պատճառելու նպատակով՝ ասել է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգեյ Լավրովը։ «Արևմուտքը փորձում է մեր դաշնակիցներին բաժանել իրարից, սկսելով առաջին հերթին մեր հարևաններից, ինչպես դա արեցին Վրաստանի և Մոլդովայի հետ, ինչպես հիմա անում են Ուկրաինայի հետ, և ինչպես հիմա փորձում են Հայաստանին ներքաշել նույն սխալ տրամաբանության մեջ»,- ընդգծել է Լավրովը:               
 

«Այստեղէն թուրքը անցաւ»

«Այստեղէն թուրքը անցաւ»
23.05.2026 | 12:16

Պատմութիւնը անջնջելի յիշողութիւն մըն է:

Քանի մը ժամ առաջ,(այսօր՝ Հինգշաբթի յետմիջօրէ) Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը՝ թէ «Պատմութեան ընթացքին թրքական բանակը երբեք չէ քանդած այն վայրերը, ուրկէ անցած է», այն տեսակ պնդումներէն է, որոնք ոչ միայն կը հակասեն պատմութիւնը, այլեւ կը վիրաւորեն միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը։ Աւելի՛ն. երբ ան կ’աւելցնէ, թէ «թրքական բանակը մարդոց, ծառերու, քաղաքներու վնաս չէ հասցուցած՝ բացի թշնամիէն», հարցում մը ինքնաբերաբար կը ծագի՝ ո՞վ էր այդ «թշնամին»։ Հայ մանո՞ւկը։ Սերպ գիւղացինե՞րը։ Կիպրոսի տեղահանուած յոյն ընտանիքնե՞րը։ Սուրիոյ աւերակներուն տակ մնացած անմեղ բնակիչնե՞րը։

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը պատմութեան դէմ արձակուած այնպիսի պնդում մըն է, որուն դիմաց լռելը կը նշանակէ անտեսել ժողովուրդներու արժանապատուութիւնը:

Պատմութիւնը քարոզչական բեմ չէ, ուր իշխանութիւնները կրնան բառերով փոխել իրականութիւնը։ Պատմութիւնը ժողովուրդներու յիշողութիւնն է, գերեզմաններու լռութիւնն է, այրած եկեղեցիներու մոխիրն է, գաղթի ճամբաներուն վրայ կորսուած սերունդներու ստուերն է։ Այդ յիշողութիւնը տակաւին կ’ապրի աշխարհի բազմաթիւ անկիւններու մէջ։

Ֆրանսացի մեծ գրող Վիքթոր Հիւկօ,19-րդ դարուն, Օսմանեան կայսրութեան աւերիչ ընթացքը նկարագրելու համար գրած էր իր պատմական դարձած խօսքը՝«Այստեղէն թուրքը անցաւ»։

Հիւկոյի արտայայտութիւնը գրական պարզ պատկեր մը չէր, այլ քաղաքակակրթութեան մը ողբերգական նկարագրութիւնը: Ան քաղաքակրթական ահազանգ մըն էր միաժամանակ։ Որովհետեւ ուրտեղէն որ անցաւ օսմանեան եաթաղանը,սփռեց մահ, աւեր, արիւն, բռնութիւն, տեղահանում եւ մշակութային ոչնչացում։

Եւրոպայի պատմութիւնը յղի է այս ողբերգութիւններով: Պալքաններու ժողովուրդները մինչեւ այսօր կը կրեն այդ յիշողութիւնը։ Սերպերը, յոյները, պուլկարները եւ ուրիշներ դարերով ապրեցան օսմանեան բարբարոսութիւններուն տակ։ Քաղաքներ կողոպտուեցան, եկեղեցիներու զանգեր համրացան, եկեղեցիներ մզկիթի վերածուեցան, ժողովուրդներ բռնի իսլամացան, տուրքերու եւ ճնշումներու ենթարկուեցան։ Սերպ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան մէջ տակաւին վառ կը մնայ Քոսովոյի, Պելկրատի եւ բազմաթիւ շրջաններու պատմական արհաւիրքը:

Հայ ժողովուրդին համար Էրտողանի յայտարարութիւնը ունի իւրայատուկ հնչեղութիւն։ Ան ոչ միայն պատմութեան ժխտում է, այլեւ ցեղասպանութեան բացայայտ նսեմացում։ 1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը պետական ծրագիրով բնաջնջեց մէկուկէս միլիոն հայեր։ Հայկական գիւղեր դատարկուեցան, քաղաքներ աւերուեցան, եկեղեցիներ եւ վանքեր գետնին հաւասարեցան։ Արեւմտահայաստան աշխարհը լռութեան անապատի վերածուեցաւ։ Ան բացայայտ ժխտում մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ 20-րդ դարու առաջին մեծ ոճիրին։

Եթէ թրքական բանակը «ոչ մէկ քաղաք» աւերած է, ապա ո՞ւր են Անիի զանգակները։ Ո՞ւր են Վանի հայկական թաղերը, Մուշի դպրոցները, Սասունի գիւղերը, Կիլիկիոյ ծաղկուն կեդրոնները։ Ո՞ւր են անոնց զանգակները, դպրոցները, գերեզմանները։ Ո՞ւր են Վանի, Մուշի, Սասունի, Էրզրումի, Սեբաստիոյ եւ Կիլիկիոյ հայկական աշխարհները:

Ո՞ւր են միլիոնաւոր մարդիկ, որոնց գոյութիւնը ջնջուեցաւ իրենց հայրենի հողերէն։ Պատմութիւնը չի լռեր, որովհետեւ քարերն իսկ կը խօսին։

Կիպրոսի մէջ, 1974-ի թրքական ներխուժումը տակաւին բաց վէրք մըն է միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Տասնեակ հազարաւոր յոյներ տեղահանուեցան իրենց տուներէն, եկեղեցիներ պղծուեցան, մշակութային ժառանգութիւն ոչնչացուեցաւ։ Ֆամակուսթայի լքուած փողոցները, փշալարերով բաժնուած Նիկոսիան եւ անհետացած ընտանիքներու ճակատագիրը այսօր ալ մարդկային խղճին վրայ ծանրացած հարցումներ են։

Սուրիոյ մէջ, վերջին տարիներուն Թուրքիոյ ռազմական ներխուժումը նոր տագնապ ստեղծեց։ Տարածքներ բռնագրաւելու կողքին, բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ արձանագրեցին՝ բնակչութեան բռնի տեղահանումներ, ժողովրդագրական փոփոխութիւններ եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում։

Լիբանանն ալ դառն յիշատակներ քաղեց օսմանեան բռնատիրութենէն ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, 1915-1918-ի Մեծ Սովը հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներու մահուան պատճառ դարձաւ։ Ճեմալ Փաշայի դաժան վարչակարգը այսօր ալ լիբանանեան յիշողութեան մէջ կը մնայ՝ խեղդող եւ անողոք իշխանութեան խորհրդանիշ։ Սովը միայն բնական աղէտ չէր.այլ՝ քաղաքականութեան հետեւանք։

Վերոյիշեալ վկայութիւնները պատահական պատմական դէպքերու շարք չեն։ Անոնք մէկ ամբողջական մտածողութեան արտայայտութիւն են՝ այն մտածողութեան, որ ուժը եւ բռնութիւնը կը դնէ արդարութենէն վեր, կայսրութիւնը՝ ժողովուրդներէն վեր, իշխանութիւնը՝ մարդկային արժանապատուութենէն վեր։

Այսօր, երբ Թուրքիա կը փորձէ վերաշարադրել իր պատմութիւնը, հարցը միայն անցեալը չէ։ Իսկական հարցը ներկան եւ ապագան է։ Այն պետութիւնը, որ չառերեսուիր իր պատմական մեղքերուն, ուշ կամ կանուխ,անպայման պիտի կրկնէ նոյն յանցագործութիւնը: Ժխտումը, ուրացումը երբեք չեն կրնար ստեղծել հաշտութեան մթնոլորտ: Ընդհակառակը, անոնք նոր պատեր կը կառուցեն ժողովուրդներու միջեւ։

ժողովուրդներու յիշողութիւնը ունի երկար կեանք ։

Հայ ժողովուրդը տակաւին կը յիշէ Տէր Զորի անապատները։ Յոյնը կը յիշէ Զմիւռնիոյ հրդեհը։ Սերպը կը յիշէ օսմանեան դարերու բռնութիւնը։ Կիպրացին կը յիշէ իր լքուած տունը։ Սուրիացին կը յիշէ փլատակներուն տակ մնացած իր քաղաքը։

Պատմութիւնը, որքան ալ փորձեն վերաշարադրել, միշտ կը վերադառնայ իր փաստերով։ Որովհետեւ երբ աշխարհը կը նայի Արեւմտահայաստանի աւերակ եկեղեցիներուն, Կիպրոսի բաժնուած քաղաքներուն, Պալքաններու արիւնոտ յիշողութիւններուն եւ Միջին Արեւելքի փլատակներուն, այս բոլորին խորքէն դարձեալ կը բարձրանայ Վիքթոր Հիւկոյի դառն եւ ահազանգող արտայայտութիւնը՝

«Այստեղէն թուրքը անցաւ»։

ճշմարտութիւնը երբեմն կը լռէ, բայց երբեք չի մահանար:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 279

Մեկնաբանություններ