16.03.2018|
00:05
Անոնք Քեզ փնտռեցին եւ չգտան, Տէ՜ր, որովհետեւ իրենց մարմնէն ու զգայարանքներէն դուրս փնտռեցին իրենց աստուածը ու մարմինը ձգեցին մեղքերու մէջ անօգնական:
Անոնք, իրենց հոգիներէն ու երազներէն պարպուած, աղօթեցին, տոչորեցան, ցամքեցան աղբիւրի մը պէս ու պուտ մը ջուր աղերսեցին: Անոնք մարեցին արեւն իրենց մարմնէն ու կտոր մը շող աղերսեցին: